2013-06-15 10:21:35

Ս. Պետրոսի Հրապարակին Վրայ Համահաւաք` Հաւատքի Տարուան Առթիւ, ''Կեանքի Աւետարանը'' Նիւթին Մասին։


Վերաւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ ֆիզիքելլայի նախաձեռնութեամբ, շաբաթ 15 յունիս 2013-ին, ս. Պետրոսի մէջ տեղի կ'ունենայ հաւատացեալներու մեծ համահաւաք մը Հաւատքի Տարւոյն առթիւ։ Օրակարգը կը նախատեսէ ուխտագնացութիւն Սուրբ Պետրոսի Դամբանին, ապա խորհրդածութիւն Կեանքի Աւետարանի մասին, յետմիջօրէին` Ամենասուրբ հաղորդութեան երկրպագութիւն մինչ երեկոյեան մօմավառութիւն ու թափօր որ կ՛եզրափակուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ աղօթքի հսկումով։
Կիրակի 16 յունիսի առաւօտեան ժամը 10,30-ին տեղի կ՛ունենայ հրապարակային ս. պատարագ գլխաւորութեամբ ֆրանչիսկոս Քահանայպետին։
Գերապայծառ ֆիզիքելլայի գնահատումով այս հանդիպումը յոյժ կարեւոր է քանի առիթ կ'ընծայէ համայն աշխարհի հաւատացեալներուն միանալու Սրբազան Հօր ու վկայութիւն տալու կեանքի սրբազան արժէքի մասին` տարիքոտներու, հիւանդներու, օրհասներու, սաղմերու եւ բոլոր անոնց որոնք ֆիզիքապէս թէ հոգեպէս կը տառապին։
Այս հաւաքը առիթ կ'ընծայէ միասնաբար ապրելու, հաստատելու ու քաջալերելու բոլոր անոնք որոնք հեզութեամբ կը հետեւին Խնամակալ Բարի Հովիւին որ կ'ընդառաջէ ֆիզիքական, զգացական, հոգեկան ու հոգեւոր պահանջներուն բոլոր անոնց որոնք ծեր են, անկար, հիւանդ կամ տառապեալ։ Այս հաւաքով աշխարհին կ'ուզենք ցոյց տալ, կը գրէ գերապայծառ ֆիզիքելլան, մեր հաւաքական ճշմարիտ սէրը հանդէպ Յիսուսի փրկարար առաքելութեան, որ ''աշխարհ եկաւ որպէսզի մարդիկը կեանք ունենան ու առատութեամբ ունենան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.